Anniversary
   

Գրական հանդիպում

«Յառաջ» արեւմտահայերէնի կեդրոն


Գրական հանդիպում
2 nov. 2026   7:00 PM
Լեռ Կամսար 29 (Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
Yerevan - Armenia

Գրական հանդիպում

20-րդ դարը չորս սերունդի կիներէ դիտուած վէպ՝

«Դերձակուհիին աղջիկը»

Հեղինակ՝ Ժումանա Հատտատ

Թարգմանչուհի՝ Պայծիկ Գալայճեան

Հրատարակութեան վայր՝ «Տիօփրինթ» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2022

Թուական՝ Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր

Ժամ՝ Երեկոյեան ժամը 7-ին

Վայր՝ «Յառաջ» կեդրոնին մէջ (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)

Գիրքին մասին.

«Դերձակուհիին աղջիկը» կը ներկայացնէ չորս իրերայաջորդ սերունդներու պատմութիւնը, որոնց ականատես կամ ականջալուր եղած է հեղինակը ինք եւս ապրելով Լիբանանի պատերազմական արհաւիրքները եւ զգալով առաջին սերունդին՝ իր մեծ մօր Ժամիլէին, ապրումները:

Ժումանա Հատտատին մեծ մայրը` Ժամիլէ (Այնթապ 1912-Պէյրութ 1978) անունով հայուհի մը, հայրը` Նազար եւ մայրը` Մարինէ, Մեծ Եղեռնի օրերուն կորսնցուցած է իր դերձակուհի մայրը, որուն թուրք աւատապետ ոճրագործ Պէշիր Քիզլար առեւանգած ու իր հարէմը տարած է: Հեղինակը Ժամիլէն Քայեահ կը կոչէ եւ անոր դուստրերուն ու ծոռներուն կու տայ յարմար անուններ, ինչպէս Քայեահի դուստրը` Քանա, Քանայի դուստրը` Քատար եւ Քատարի դուստրը` Քամար:

Ժումանա Հատտատ վէպին տիպարներու կեանքին ներկայացման ընդմէջէն կը բացատրէ ու կ’ընդգծէ հայասպանութեան ոճիրին ահաւորութիւնը եւ անոր հետեւանքով անոնց վրայ ազդած յետցնցումներու (trauma) երեւոյթը: Ասոնցմէ ամէնէն աչքառուն Քայեահի իր կեանքին վերջ տալն է, այսինքն հեղինակին` Ժումանա Հատտատի մեծ մօր` Ժամիլէի անձնասպանութիւնը Պէյրութի մէջ 1978-ին:

Այս հարցը խոր վէրք մը յառաջացուցած է հեղինակին սրտին ու հոգիին մէջ եւ ան հետեւեալ ձեւով կ’արտայայտուի անոր հետեւանքներուն մասին. «Մեծ մօրս անձնասպան ըլլալէն վերջ, մօրմէս խնդրեցի ինծի հայերէն սորվեցնել: Ուզեցի անոր լեզուն սորվիլ ու գիտնալ: Մինչեւ օրս երբ ես հայերէն խօսիմ, կը զգամ որ անոր սիրտը կը բաբախէ կուրծքիս մէջ: Կ’երազէի այս վէպը գրել, իբրեւ իրեն նուէր մը այնքան ատեն որ կը յիշեմ, երկար ատեն` քաջութիւնը կը պակսէր: Այդ կը թուէր ըլլալ ոստում մը կենդանի հրաբուխի մը վրայէն, բան մը որուն չէի պատրաստուած, կամ չէի ուզեր ընել… հարկադրանքը զգացի, ինչպէս մէկը սովորաբար կը զգայ, թէ ժամանակն է, նախ քան որ ուշ ըլլայ: Եւ այդպէս, ոստումը կատարեցի» (էջ 235):

Եթէ ուշադրութեամբ զննենք հեղինակին այս երկար տատամսումը` իր մեծ մօր յուշերը գրելու, ի՜նչ ահաւորութիւն ներկայիս` իբրեւ արդիւնք հարիւր տարի առաջ գործուած ոճիրներուն: Հապա այն ատեն` նոյն ա՛յդ ոճիրները որքա՜ն ահաւոր էին, տակաւին չենք կրնար պատկերացնել:

Հատորին բնագիրը անգլերէն է, թարգմանուած է արաբերէնի, սպաներէնի, իտալերէնի եւ Լիբանանի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան՝ Փոլա Եագուպեանի խնդրանքով նաեւ՝ հայերէնի:

Թարգմանիչին մասին.

Պայծիկ Գալայճեանը (Baydzig Kalaydjian) սփիւռքահայ ճանչցուած խմբագիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ եւ մտաւորական է, որուն գործունէութիւնը սերտօրէն կապուած է Լիբանանի հայ համայնքին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետ։

Երկար տարիներ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մէջ, յատկապէս հանդիսանալով «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի եւ ՌԱԿ-ի «Պայքար» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմի անդամ:

Յատուկ ուշադրութեան արժանի է անոր կապը Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հետ, որուն պատմութեան ու յիշատակի պահպանման նպատակով հրատարակած է «The Eternal Lantern of Hope» («Յոյսի Մշտավառ Կանթեղը») արժէքաւոր գիրքը։

Հեղինակին մասին.

Ժումանա Հատտատը լիբանանցի յայտնի գրող, բանաստեղծ, լրագրող, թարգմանիչ եւ իրավապաշտպան է: Ճանչցուած է որպէս արաբական աշխարհի ամենաազդեցիկ մտաւորականներէն մէկը:

Ինքն իր մասին կ’ըսէ. «Կէս լիբանանցի եմ, քառորդով հայ, քառորդով սուրիացի»: Ունի մասնակի հայկական արմատներ (մեծ մայրը եղած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած գաղթական):

Հատտատը կը գրէ արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերեն: Անոր գիրքերը թարգմանուած են տասնեակ լեզուներու: Ունի հրատարակուած հատորներ, որոնցմէ՝ «Սուփըրմէնը արաբ է», «Թագուհիներու գիրքը» եւ «Դերձակուհիին աղջիկը», որ նուիրուած է իր հայկական արմատներուն: