Նիու Ճըրզի բնակող հայ ընտանիքի մը երեք սերունդի ինը անդամները, 1992ին իրենք զիրենք կը գտնեն նորանկախ Հայաստանի իրականութեան դէմ յանդիման։ Երբ Վարդանի եւ Մարիի թոռնիկը՝ Անին Հայաստան կը ճամբորդէ, հայրենիքի մէջ ան կը յայտնաբերէ հայութեան տառապալի պատմութիւնը։ Ամերիկա վերադարձին, Անին Մարիէն կը սորվի ինչպէս իր սորվածը վերածել ոյժի եւ յոյսի։
Եկէք դիտել ինը հայեր, որոնք կը խնդան, կ՚երգեն, կը վիճաբանին, կու լան ու կը պարեն, բայց մանաւանդ՝ կ՚ապրին։
Թուական՝ 24, 25 եւ 26 նոյեմբեր 2023, երեկոյեան ժամը 7:30ին։
Վայր՝ Սբ. Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան սրահ։
Տոմսերու համար դիմել՝ Սիլվիին՝ (514) 773-9391 կամ Լենային՝ (514) 941-2518։