Սիրելի Ծնողներ, Ուսուցիչներ եւ Մշակութային գործիչներ,
Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնը իր հնգամեայ գործունէութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, 2026-ի ամռան, կը կազմակերպէ արեւմտահայ մանուկներու եւ պատանիներու 15-օրեայ «Ափէ-Ափ» ծրագիրը: Սփիւռքի տարբեր երկիրներէն Հայաստան այցելող եւ տարիներէ ի վեր Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ ընտանիքներու զաւակները արձակուրդները պիտի անցընեն ընկերական ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
«Ափէ-Ափ» ամառնային արեւմտահայերէն մանկապատանեկան ծրագիրը կը միտի, Յուլիս 13-24 ժամանակահատուածին, արեւմտահայ մանուկներն ու պատանիները հիւրընկալել Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրի ընդարձակ տարածքին մէջ, ուր անոնք առիթը պիտի ունենան զանազան ստեղծագործական եւ մարզական աշխատանոցներով, արեւմտահայ փորձառու ուղեկիցներով, նոր հմտութիւններ եւ փորձառութիւններ ձեռք բերելու հաճելի եւ ոգեւորիչ ժամանակ անցնելով իրենց հասակակիցներուն հետ:
Տեղերը սահմանափակ ըլլալով, առաւելագոյնը՝ 40 երախայ, հետաքրքրուողներէն կը խնդրենք, որ շուտով արձանագրուին եւ տարածեն այս յայտարարութիւնը իրենց շրջապատի ծանօթներուն։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու կրնաք ծանօթանալ կցեալ յայտարարութեամբ, իսկ արձանագրութեան թերթիկը լրացնելու համար հարկ է յայտարարութեան ստորին ձախ հատուածէն QR ծածկագիրին միանալով կամ այս յղումով https://docs.google.com/.../1Ks-xZyJ9O.../edit լրացնել արձանագրութեան թերթիկը:
Եթէ հարցումներ ունիք մի՛ վարանիք, մեզի հետ կապ հաստատեցէք.
հեռաձայնով՝ +37477460112
եւ ել նամակով՝ haratchfoundation@gmail.com :
Սիրով՝
«Յառաջ» կեդրոնի տնօրէնուհի՝
Անի Բրդոյեան