Theater
   

Թէքէեանը՝ թատերագիր

Յառաջ արեւմտահայերէնի աշխատանոց


Թէքէեանը՝ թատերագիր
6 mai 2026   7:00 PM
29 Ler Kamsar
Yerevan - Armenia

Թատերական ընթերցում-ներկայացում

Թատերագիր՝ Վահան Թէքէեան

Խաղեր՝ «Մայրերը», «Տունի հաց»

Վայր՝ Թէքէեան մշակութային կեդրոն

Հասցէ՝ Խանջեան 50

Օր՝ Չորեքշաբթի

Թուական՝ 6 Մայիս 2026

Ժամ՝ 19:00

Դերերը ընթերցողներ.

- Այտա Մինասեան

- Մայտա Պոշկէզէնեան

- Սիլվա Կոպէեան

- Արփի Քիլէճեան

- Սօսէ Լախոյեան

- Պետրոս Չաւիքեան

- Ներսէս Թաշճեան

***

Վահան Թէքէեան իբր թատերագիր ծանօթ չէ: «Յառաջ» կեդրոն-«Թէքէեան Կեդրոն Հիմնադրամ» համագործակցութեամբ պիտի ընթերցուին եւ ներկայացուին Վահան Թէքէեանի «Մայրերը» եւ «Տունի հաց» (թարգմանութիւն) խաղերը՝ Թէքէեան կեդրոնին մէջ:

***

Հեղինակին մասին

Կեսարիայէն Կ. Պոլիս գաղթած ընտանիքի զաւակ է Վահան Թէքէեան: Ուսանած է Ներսէսեան, Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: Ուսումը չաւարտած՝ 1894-էն եղած է առեւտրական ընկերութեան պաշտօնեայ: Գործով այցելած է Լիվըրփուլ, Մարսէյլ, Համպուրկ եւ վերջապէս Եգիպտոս, ուր մնացած է մինչեւ 1908: Միքայէլ Կիւրճեանի հետ խմբագրած է իր սեփական «Շիրակ» ամսաթերթը (1905-1906):

Իբրեւ եգիպտահայոց պատգամաւոր մասնակցած է կաթողիկոսական ընտրութիւններուն (1910): Ա. Աշխարհամարտի նախօրէին, Կ. Պոլսոյ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ Պատրիարքարանի հաշիւները քննելու համար գացած է Երուսաղէմ, հոնկէ Եգիպտոս անցնելով փրկուած է 1915-ի աղէտէն: 1916-ին Եգիպտոսի մէջ լրագրական վէճի մը հետեւանքով կորսնցուցած է իր մէկ աչքը: Ֆրանսայի մէջ մասնակցած է Պօղոս Նուպար Փաշայի աշխատանքներուն եւ 1919-ին գացած է Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բանակցելու: Վերադառնալով Կ. Պոլիս, հրատարակած է «Ժողովուրդի ձայն» թերթը (1920), աշխատակցած է Կոստան Զարեանի «Բարձրավանք» հանդէսին (1922): 1926-ին Գահիրէ հաստատուելով երկար տարիներ խմբագրած է «Արեւ» օրաթերթը: Հետագային Պէյրութի մէջ հիմնադրած ու խմբագրած է «Զարթօնք»-ը (1937): Աշխատակցած է Կ. Պոլսոյ «Հայրենիք», «Ծաղիկ», «Տեսարան» թերթերուն:

Գրած է բանաստեղծութիւն, հրապարակախօսական յօդուածներ, պատմուածք, վիպակ, վէպ եւ թատերգութիւն: Թարգմանած է Ժիւլ Րընարի «Տունի հաց» (1911) թատերախաղը եւ ուրիշ հեղինակներու գործեր:

Վաղ հասակէն հետաքրքրուած է թատրոնով: Սուրէն Պարթեւեանի հետ բեմախաղի վերածած է Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց» վիպակը (բեմադրուած է 12 Սեպտ. 1920. Կ. Պոլիս): «Մայրերը» տռամէն բացի ունի «Թրքահայոց մականունները» խաղը եւ երեք արարով «Ակռամանեակ» տրամախառն կատակերգութիւնը: Վահան Թէքէեանի թատերական վաստակը ընդհանրապէս չէ ուսումնասիրուած:

Թաղուած է Գահիրէ՝ Երուանդ Օտեանի եւ Արփիար Արփիարեանի կողքին:

Խաղերուն մասին

«Մայրերը»

«Մայրերը» տռամը կուսակցական լուրջ հարցեր շօշափող թատերախաղ մըն է: Նիւթը ներշնչուած է Արփիար Արփիարեանի սպանութեան դէպքէն (1908):

Թատերական գրականութեան մէջ, հայ յեղափոխականը իբրեւ տիպար ու գործող անձ, ընդգրկուած է քսաներորդ դարուն սկիզբը:

Գրութեան ճիշդ թուականը յայտնի չէ: Նախ տպագրուած է «Բարձրավանք» հանդէսին մէջ (Յունուար, 1922. Կ. Պոլիս) եւ ապա Վ. Թէքէեանի «Ամբողջական երկեր»-ու 9-րդ հատորին մէջ: Առաջին անգամ ներկայացուած է կցուած Միքայէլ Կիւրճեանի «Տուրքը» տռամին, Երեւան՝ Սունդուկեան թատրոնի վերակառուցման համար նախատեսուած ձեռնարկներուն ընթացքին (10 Յուլիս, 1996, ղեկ. Արբի Յովհաննիսեան), «Թատերական ընթերցում»-ի ձեւով:

«Տունի հաց»

Ֆրանսացի վիպագիր եւ թատերագիր Ժիւլ Րընարը շատ սիրելի հեղինակներէն էր Թէքէեանի, Րընար մահացաւ 1910-ին եւ Թէքէեան որոշեց անոր անունը անմահացնել հայ գրականութեան մէջ եւս, ձեռնարկեց «Տունի հաց» թատրոնի թարգմանութեան 1911-ին:

«Տունի հաց»-ը երկու բարեկամ զոյգերէն՝ մէկուն կնոջ եւ միւսին ամուսնոյն հանդիպումն է համատեղ արձակուրդի մը ընթացքին: Այս հանդիպումով անդրադարձներ կը կատարուին ամուսնական կեանքի, անոր շարունակականութեան, այր եւ կնոջ փոփոխութեան, հոգեբանական փոփոխութիւններու մասին:

«Տունի հաց»-ը թարգմանաբար հրատարակուեցաւ «Ոստան»-ին մէջ (Ա. տարի, թիւ 2, 1911): Թարգմանութեան զուգահեռ հրատարակուեցաւ նաեւ Թէքէեանի յօդուածը Րընարի կեանքին, գործունէութեան եւ գրականութեան մասին:

Յօդուածէն կը մէջբերենք «Տունի հաց»-ին վերաբերող հատուածը՝ Թէքէեանի գրիչով.

««Տունի հաց»-ը հոգեբանական խիստ վերլուծում մըն է, առանց վերլուծումի երեւոյթն ունենալու, սովորութեան, վարժութեան դատաստանն է, երկու «երջանիկ» էակներու դէպի երջանկութիւն ճիչը, եւ կրկին իրենց վիճակին առջեւ համակերպած հակումն է»: